Փառաւորէ՛Քու անունդ

Սուրբ Գրոց հետ աղօթքի քառասնօրեայ աշխատանք

Հիթըր Ճին Ուիլսըն Թորոսեան

ՄՈՒՏՔ

Երկար ժամանակէ ի վեր մտքիս մէջ էր, որ պէտք է ո՛չ միայն ակնթարթային աղօթքներ ընեմ («Տէ՛ր, շնորհակալ եմ, որ ապահովեցիր ինքնաշարժի անփորձանք քովէս անցնիլը՝ առանց ինծի հարուածելու» եւ նման բաներ), այլ նաեւ մտածուած եւ մանրամասն աղօթքներ։ Երբ աղջիկս՝ Սեւան, Նոր Տարուան առթիւ «Մոլեսքին» տետր մը նուիրեց ինծի, որոշեցի զայն գործածել աղօթքի համար։ Աշխատեցայ Սուրբ Գիրքի մէջ եղած աղօթքներու վրայ, գրառեցի իմ մեկնաբանութիւնները, ապա աղօթեցի։ Իմ մտածումներս հրապարակուած են այստեղ որպէս օրական խորհրդածութիւններ։ Ամէն օրուան աւարտին ձգուած է ազատ տեղ մը, որպէսզի դուք ալ գրառէք ձեր աղօթքները։ Եկէ՛ք, սկսինք Յիսուսի աղօթքի մասին ուսուցումով եւ Իր աղօթքներով։

Հիթըր Ճին Թորոսեան
21 փետրուար 2010
Տիրոջ օրը